«ԼՔԵԱԼ ԿՈՉՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՏԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԹՈՒՐՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԳԷՈՐԳ Վ. ՊԱՂՃԵԱՆ)

2010-ին «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ը, թիւ 3, լոյս ընծայեց դոկտ. Գէորգ Պաղճեանի «Լքեալ կոչուած հայկական ստացուածքներու գրաւումը թուրք կառավարութեան կողմէ» խորագրեալ ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը, Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն: 552 էջերէ բաղկացած սոյն գործին նախաբանը գրած է դոկտ. Ա. Պ. Կիւրեղեան, իսկ ներածականը` դոկտ. Իվ Թեռնոն: Հատորին ֆրանսերէն բնագիրը անգլերէնի թարգմանած եւ խմբագրած է դոկտ. Ա. Պ. Կիւրեղեան:

Իր նախաբանին մէջ դոկտ. Կիւրեղեան կ՛ըսէ, թէ դոկտ. Գէորգ Պաղճեան իր վերոյիշեալ հատորին մէջ կ՛արծարծէ հայ ժողովուրդին տնտեսական եւ հողային իրաւունքներու հարցը:

Կիւրեղեան կ՛ըսէ, թէ թուրք կառավարութիւնները 1895-էն մինչեւ 1923, յաջորդաբար բնաջնջեցին 2 միլիոն հայեր` գրաւելով անոնց հողերը: Տասնամեակներէ ի վեր, Եղեռնէն վերապրող հայերը պահանջեցին թուրք կառավարութենէն, որ վերադարձնէ հայոց գրաւեալ հողերը, սակայն Թուրքիա բացարձակապէս մերժեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ընթացք չտուաւ հայոց հողային պահանջներուն: Մերժելով Հայոց ցեղասպանութիւնը` Թուրքիա պարտական կը մնար հայերուն տնտեսական ծանր պարտք մը, որ կը բազմանար տարուէ տարի: Հեղինակը` դոկտ. Գէորգ Պաղճեան, ակնարկելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հայկական շարժուն եւ անշարժ կալուածներուն, կը հաստատէ, թէ Թուրքիոյ պարտքը հայերուն կը հասնի անհաշուելի գումարներու:

Իր նախաբանին մէջ դոկտ. Կիւրեղեան կ՛ըսէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, թէ Թուրքիա ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը 10 օգոստոս 1920-ին, կատարելով հողային զիջումներ Հայաստանի, սակայն Մուսթաֆա Քեմալ եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարները չեղեալ նկատեցին Սեւրի դաշնագիրը, որուն փոխարէն ստորագրեցին Կարսի (13 հոկտեմբեր, 1921) եւ Լոզանի (24 յուլիս, 1923) դաշնագիրները` ճշդելով նոր սահմաններ իրենց երկու երկիրներուն միջեւ: Սոյն դաշնագիրներով Մուսթաֆա Քեմալ փորձեց մոռացութեան մատնել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի հայկական գրաւեալ հողերուն, 1922-ին, Մուսթաֆա Քեմալ յայտարարեց, թէ պատերազմէն «վերապրող հայերը բացարձակապէս չունին որեւէ պահանջ Թուրքիայէն»:

Այս շրջանին, Խորհրդային Միութեան տնօրինութեամբ, հայկական երկու նահանգները` Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը անջատուեցան Հայաստանէն եւ տրուեցան Ազրպէյճանին:

1991-ին Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ անկախութեան եւ մերժեց ճանչնալ Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ճշդուած իր սահմանները: Նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնը սփիւռքահայութեան քաղաքական զօրակցութեամբ շարունակեց պայքարիլ յանուն արդարութեան, մինչեւ որ թուրք պետութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ Եղեռնի զոհերուն յիշատակին նիւթական վարձատրութիւն:

Իսկ դոկտ. Իվ Թեռնոն իր ներածականին մէջ կ՛ըսէ, թէ 1915-ի Եղեռնէն վերապրեցան միայն 600 հազար հայեր:

Թէ` Եղեռնէն առաջ Թուրքիոյ մէջ կը բնակէին բազմաթիւ հայեր, որոնք ունէին կալուածներ, կը վարէին առեւտրական գործունէութիւն եւ դրամատուներու մէջ կը պահէին դրամական հաշիւներ: Սակայն, երբ նահատակուեցան անոնք, ոչ ոք պահանջեց անոնց ստացուածքները թրքական իշխանութենէն:

Իբրեւ եզրակացութիւն` կ՛ուզենք հաստատել, թէ «Լքեալ կոչուած հայկական ստացուածքներու գրաւումը թուրք կառավարութեան կողմէ» խորագրեալ հատորը կը բաղկանայ վեց գլուխներէ, ուր դոկտ. Գէորգ պաղճեան պատմական փաստաթուղթերու օգտագործումով կը բացայայտէ, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ թուրք պետութիւնը գրաւեց հայ ժողովուրդին պապենական հողերը: Պատմագրական շահեկան ուսումնասիրութիւն մըն է վերոյիշեալ հրատարակութիւնը, զոր հեղինակը իրագործած է` հիմնելով իր կարծիքները վաւերական վկայութիւններու վրայ: Հատորին վերջին բաժինը յատկացուած է ընդարձակ ծանօթագրութիւններու, որոնք կը վերաբերին մատենագիտական եւ պատմագրական նիւթերու:

Արդարեւ, գիտական տուեալներով հարուստ հրատարակութիւն մըն է Գէորգ Գ. Պաղճեանի «Լքեալ կոչուած հայկական ստացուածքներու գրաւումը թուրք կառավարութեան կողմէ» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը, ուր հեղինակը ի յայտ կու գայ իբրեւ ջատագովը եւ ջերմ պաշտպանը հայ ժողովուրդի հողային պահանջներուն…

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Յունուար 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES