ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԷՆ ԲԽԱԾ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտարարեց, որ Տար Ֆաթուայի մէջ հոգեւոր պետերու վեհաժողովը ճիշդ ժամանակին գումարուած է` աւելցնելով, որ այդ վեհաժողովին կազմակերպումը երկար ժամանակ չէ խլած:
Անդրադառնալով այդ վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան` միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուած հարցերն են, որոնք լուրջ քննարկումի ենթարկուած են վեհաժողովին ընթացքին:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Տար Ֆաթուայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը լաւագոյն պատասխանն է համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստողներուն դէմ:
«Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի դրուատեց այդ հաղորդագրութիւնը հրապարակելու ժամկէտը` զայն նկատելով այս հանգրուանի յարմարագոյն ժամկէտը:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Տար Ֆաթուայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը ազգային փաստաթուղթ մըն է եւ կ՛արտայայտէ լիբանանցիներուն ուղեգիծը:

