ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԱՍԱՏ-ՀԸՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հըս եւ նախագահ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:

Հըսի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին նախկին վարչապետը նախագահ Ասատի հետ քննարկած է Սուրիոյ դիմագրաւած եւ հանդարտութեամբ շրջանցած տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած աղէտալի դէպքերը վերջ գտած են` յոյս յայտնելով, որ

կարելի ըլլայ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւնը վերականգնել եւ սուրիացի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովել:

Միւս կողմէ, սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ նախագահ Ասատ Հըսի հետ քննարկած է Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնները:

Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, Սուրիա ռահվիրայի հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է արաբականութիւնը պահպանելու իմաստով եւ ան այսօր թիրախ դարձած է իր այդ դերակատարութեան պատճառով:

«Հըս շեշտեց, որ ապագային շրջանին մէջ պէտք է պահպանել ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ միայն այդպէս կարելի կ՛ըլլայ ապահովել արաբական ընկերութիւններուն միասնականութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES