ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԶԵԿՈՒՑԱԲԵՐ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

Գարեգին Չուքասըզեան

«Ազդակ»ի հրաւէրով ուրբաթ գիշեր Լիբանան պիտի ժամանէ հայրենի հանրածանօթ մտաւորական Գարեգին Չուքասըզեան` իբրեւ դասախօս «Ազդակ»ի կողմէ կազմակերպուող լսարաններուն: Այս ծրագիրը կ՛իրականանայ «Փիւնիկ» հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Գ. Չուքասըզեան նախագահն է Հայաստանի մէջ գործող «ite » ընկերութեան, որ մասնագիտացած է կայքէջերու զարգացման ու տեղեկութիւններ բովանդակող խտասալիկներու պատրաստութեան մէջ: Ան պիտի խօսի այս ընկերութեան այն աշխատանքներուն մասին, որոնք տարբեր «գործիքներ»ու միջոցով տեղեկութիւններ կը տեղադրեն խտասալիկներու վրայ:

Գարեգին Չուքասըզեան մանրամասն կերպով պիտի ներկայացնէ արդի արհեստագիտութեան միջոցներով պատրաստուած խտասալիկներ, զորս կարելի է կոչել մանր համայնագիտարաններ:

Տարբեր գործիքներն են բնագիր, պատկեր, երաժշտութիւն, ժապաւէններ եւ այլ միջոցներ (մալթիմիտիա), որոնք կը ծառայեն նիւթի մը,

անձի մը կամ գործի մը ծանօթացման: Եւ իբրեւ օրինակ, ան համակարգիչի ու սպիտակ պաստառի միջոցով հատուածներ պիտի ներկայացնէ իրենց պատրաստած երեք խտասալիկներէն, որոնցմէ երկուքը արժանացած են միջազգային մրցանակներու:

Բնականաբար կարելի չէ, որքան ալ երկարապատում կերպով փորձենք ներկայացնել խտասալիկներուն բովանդակած տեղեկատուութիւնը, հետեւաբար, պիտի բաւականանանք նիւթերով ու հակիրճ  բացատրականներով:

Խտասալիկները ունին հետեւեալ բովանդակութիւնները` Արամ Խաչատուրեան, Հայոց մեծ եղեռնը (90-ամեակին առիթով) եւ Կոմիտաս վարդապետ:

Ինչպէս նշեցինք, իւրաքանչիւր խտասալիկ մանր համայնագիտարան մըն է` ընդգրկուած նիւթին մասին: Արամ Խաչատուրեանի ու Կոմիտաս վարդապետի մասին խտասալիկները կը բովանդակեն կենսագրական տեղեկութիւններ, վաստակի պատմութիւն, կարծիքներ` այս դէմքերուն մասին, երաժշտական հատուածներ` յաճախ տարբեր մեկնաբանութիւններով, ու տակաւին, խնդրոյ առարկայ դէմքերու ապրած ժամանակաշրջաններուն մասին ընդհանուր ծանօթութիւններ, որոնք աղերս ունին անոնց հետ: Ցեղասպանութեան մասին խտասալիկը ունի բազմաթիւ ենթաբաժանումներ, ուր տեղադրուած են պատմական տուեալներ, պատկերներ, քարտէսներ, վկայութիւններ, ներառեալ` Ցեղասպանութեան մասին թրքական խոստովանութիւններ եւ այլն:

Խտասալիկները յայտնապէս պատրաստուած են տուեալ նիւթին կամ անձնաւորութեան մասին ամբողջական ծանօթութիւն փոխանցելու միտումով, սակայն պատրաստողներն ալ գիտեն, որ նիւթերը սպառիչ չեն. խտասալիկներու պատրաստութենէն ետք ալ, նոր նիւթեր ու տուեալներ ձեռք բերուած են, օրինակի համար` Կոմիտասի մասին:

Արամ Խաչատուրեանի եւ Ցեղասպանութեան մասին խտասալիկները 2005-ին մասնակցած են «Ուորլտ Սամմիթ Ըուորտ 2005» աշխարհի մալթիմիտիական թիւ մէկ  միջազգային մրցումին, ուր 168 երկիրներէ շուրջ 20 հազար նման նիւթեր ներկայացուած էին:

Մրցակիցներու շարքին էին` «Պի. Պի. Սի.»ն, «Այ. Պի. Էմ.»ը եւ նման տեղեկատուական աշխարհահռչակ հիմնարկներ: Այս բոլորին մէջ, Արամ Խաչատուրեանի մասին գործը հանդիսացած է առաջին` ոչ միայն իր ծաւալուն բովանդակութեան, այլ նաեւ արդի արհեստագիտութեան միջոցները լաւագոյնս օգտագործած ըլլալուն շնորհիւ: Նաեւ նոյն մրցումին ընթացքին, Ցեղասպանութեան մասին խտասալիկը արժանացած է յատուկ մրցանակի:

Նշենք, որ խտասալիկները բազմալեզու են. հայերէնին կողքին, նոյն տեղեկութիւնները ներկայ են անգլերէնով ու ռուսերէնով: Զանոնք ունենալով` կարելի է լսատեսողական կարելիութեամբ ծանօթանալ նիւթի տարբեր գլուխներուն եւ մանրամասնութիւններուն, նաեւ` անկէ նուէր տալ բարեկամի կամ օտարներու` առ ի ծանօթութիւն հայկական արժէքներու եւ պատմական իրողութիւններու:

Իսկապէս օգտաշատ աշխատանք, որմէ կրնան օգտուիլ անհատներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, դպրոցներ եւ միութիւններ: Ահաւասիկ «գործիք» մը, որ նոր սերունդին տրամադրութեան տակ կը  դրուի այսօրուան աշխարհին «լեզուով» եւ օգտագործման եղանակով:

Ծրագիրներուն մաս կը կազմէ Կոմիտասի յիշատակին թանգարանի մը հաստատումը, ուր պիտի հաւաքագրուին ձեռք բերուած բոլոր նիւթերը` օգտագործելով արդի արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES