ԲԱՐԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁ Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ

Սիրելի՛ աշակերտ-աշակերտուհիներ,

Փառք եւ գոհութիւն ամենակալ Աստուծոյ, որ յաջողեցուց մեզի, կրթական այս նոր տարեշրջանի վերամուտին, ըլլալ այս պահուն այստեղ եւ ողջունելով ձեր բարի գալուստը ազգային վարժարան` ձեզի ըսել բարի վերադարձ:

Ձեր գալուստը բարի է, որովհետեւ հայ դպրոցին իսկութիւնը նուիրական է, եւ հետեւաբար ամէն աշխատանք եւ ճիգ` ներդուած հայ դպրոցի անդաստաններուն մէջ, բարիք է մեր ժողովուրդին համար:

Ձեր գալուստը բարեյոյս է, որովհետեւ անոր մէջ առկայ է հայ ժողովուրդին պատմական երթին անշեղ ընթացքը:

Ձեր գալուստը բարեբեր է. եւ ինչպէս որ մշակը կը կանգնի իր արտին տարածքին դիմաց եւ աշխատանքը չսկսած իր աչքերուն մէջ արդէն իսկ կ՛ուրուագծուին բարեբեր հունձքին պատկերները եւ այդ ակնկալութեամբ ու յոյսով կը լծուի աշխատանքի, այնպէս ալ մենք, մեր առջեւ կանգնած, գալիք հունձքին ակնկալութեամբ կը սկսինք աշխատանքի:

Այս բոլոր բարիքները կը զեղուն մեր ժողովուրդին վրայ ձեր գալուստով, որով կը բացատրուի հայ դպրոցին գոյութիւնը, կ՛իմաստաւորուի անոր գործունէութիւնը եւ կ՛օրհնուի մեր ժողովուրդը սերունդէ սերունդ:

Այս տարի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակն է: Հայկական Այբուբենի գիւտարարին ծնունդը բարիք եւ օրհնութիւն եղաւ հայ ժողովուրդին համար, որուն ինքնուրոյն նկարագիրը եւ մշակոյթը իրեն կը պարտինք ազգովին: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց` տեսիլքի այս մեծ ՄԱՐԴը, որ ոչ միայն նախատեսեց հայ ժողովուրդի ապագան, այլեւ նախագծեց հայ ժողովուրդին ճամբան, որմէ անշեղ քալելու ուխտ ըրին մեր նախնիքը եւ այդ ուխտը պահեցին ի գին ամէն զոհողութեան` ի պահանջել հարկին նահատակութեամբ:

1650 տարիներ առաջ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ծնաւ եւ այնուհետեւ մնաց անմահ, որովհետեւ ան ապրեցաւ հայ դպրոց յաճախող իւրաքանչիւր հայ աշակերտին մէջ: Եւ այդպէս, դարեր դարեր շարունակ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ապրեցաւ ու տակաւին կ՛ապրի ձեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, եւ ապրած պիտի մնայ, այնքան ատեն որ հայ աշակերտներով լեցուն հայկական դպրոցներ գոյութիւն ունին:

Եւ քանի որ այս տարի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին 1650-րդ տարեդարձն է, հայկական դպրոցներու վերամուտի այս պահուն, եկէք բոլորս միասնաբար բարի տարեդարձ երգենք իրեն ու հայկական դպրոցներու աշակերտ ըլլալու երաշխիքով երկար կեանք մաղթենք:

Ի բարձունս պահապան Աստուած հովանի ըլլայ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, օգնական ձեր ծնողներուն, դաստիարակներուն, պատասխանատուներուն եւ վարձահատոյց` հայ դպրոցի բարերարներուն:

Բարի, ուրախ եւ յաջող կրթական տարի մը կը մաղթեմ բոլորին:

Աղօթարար`
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

29 սեպտեմբեր, 2011

Share this Article
CATEGORIES