ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը` վկայակոչելով թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան:
Տաւութօղլու Պաքու կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի մասնակցի Ազրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններն ու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:
CATEGORIES Հայկական