ՊՐԱՅԶԱ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա երէկ Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ անկարելի է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը զինուորական ճամբով:
«Ես կը գտնեմ, որ տագնապի լուծման համար ուժի կիրարկման մասին յայտարարութիւններ այժմ անցեալէն պակաս կը հնչեն: Կը կարծեմ, որ ատիկա դրական միտում է», ըստ «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան նշեց Պրայզա:
Դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ Ազրպէյճան լրջօրէն տրամադրուած է տագնապի խաղաղ լուծման եւ ուժ չկիրարկելու ուղղուած բանակցութիւններուն:
Ըստ անոր, անցեալին նման հիմնական խնդիրը հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան գոյացումն է, ինչ որ անկարելի չէ:
Պրայզա փոխանցեց, որ չկան կողմերը բաժնող անլուծելի տագնապներ:
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ նշեց, որ այդ տագնապը չի կրնար լուծուիլ զինուորական ճամբով: