ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎԻՆ «ԺԱՏԻՏ» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՍՏԱՑԱՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՈՒՂՂԱԿԻՕՐԷՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓՌԵԼՈՒ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան անոր բոլոր անդամները, ի վերջոյ յստակացաւ, թէ ո՛ր պատկերասփիւռի կայանը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռէ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի մրցումները:
Այդ մրցումները սփռելու իրաւունք ստացաւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը, որ փոխան 385 հազար ամերիկեան տոլարի պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին հետ:
Այդ ժողովին իրաւարարներու յանձնախումբի նոր նախագահ նշանակուեցաւ Ռեմոն Սըմաան, մինչ անոր նախորդը` Մահմուտ Ռըպպաա, ստանձնեց մրցաշարքեր կազմակերպելու նախագահի պաշտօնը:
CATEGORIES Մարզական