ՀԱՅ ՓԱՐԱԼԻՄՓԻՔՆԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՆ ԱՐԱԳԱԾ ԼԵՌԸ
29 օգոստոսէն 9 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունենալիք Փարալիմփիք խաղերուն իբրեւ նախապատրաստութիւն, հայ փարալիմփիքները այժմէն իսկ իրենց կարելին կ՛ընեն` անոր լաւապէս պատրաստուելու համար:
Այս նպատակով ալ հայ փարալիմփիքները` ընկերակցութեամբ Փիւնիկ հաշմանդամներու միութեան, Անգլիոյ դեսպանատան եւ անգլիական խորհուրդի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ այսօր պիտի բարձրանան Արագած լեռը` փաստելու համար, որ լաւ ձգտումներ ունին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք այդ խաղերուն լաւ արդիւնքներ արձանագրելու:
CATEGORIES Մարզական

