ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒՍ` ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Պաքուի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան ունեցաւ իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ 81 քկ դասակարգի մրցումներուն, Արթուր Խաչատրեան պարտուելով իր լեհ մրցակիցէն (1-32-րդ հանգրուան) դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Նախանցեալ օր դուրս մնացած էր նաեւ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը` Յովհաննէս Փաչքով, պարտուելով իր մոնկոլ մրցակիցէն (1-32-րդ հանգրուան):
Նշենք, որ հայրենի վեց այլ կռփամարտիկներ ցարդ մրցասպարէզ չեն իջած:
CATEGORIES Մարզական
