ՅԱՏՈՒԿ ԵՐԵԿՈՅՈՎ ՄԸ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ

Մայ Խալիլ

27 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունենալիք Պէյրութի միջազգային մարաթոնէն երկու ամիս առաջ, Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբը յատուկ երեկոյով մը պատուեց լիբանանեան մարզական բոլոր լրագրողները, որոնք տարուան մը ամբողջ տեւողութեան հետեւեցան միութեան գործունէութիւններուն եւ իրենց մարզական սիւնակներուն մէջ տեղ տրամադրեցին անոր տարած աշխատանքներուն ու կազմակերպած վազքի մրցումներուն:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք, Մարաթոնի ծանուցումներու եւ քարոզչական աշխատանքի պատասխանատու Հասսան Մուհիյէտտին շեշտեց այն կէտը, որ մարզական մամուլին շնորհիւ է, որ իւրաքանչիւր մարզախաղ կը յաջողի ներգրաւել բոլորը եւ լաւ արձագանգ ձգել ժողովուրդին մօտ:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մայ Խալիլ, որ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր տարի, երբ տեղի կ՛ունենայ նոր մարաթոնը, անիկա միշտ կ՛ըլլայ նորութիւններով հարուստ, թէ՛ մասնակցողներուն թիւին իմաստով եւ թէ՛ կազմակերպման աշխատանքին գծով:

«Յառաջիկայ 27 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունենալիք մարաթոնին անունը որոշեցինք դնել «իջէ՛ք ճամբայ եւ վազեցէ՛ք», որովհետեւ այդ կարգախօսին ընդմէջէն կու գանք ըսելու, որ այդ օրը բոլորը ճամբայ պիտի իջնեն մարզական առումով տեղի ունենալիք ծրագիրի ու նպատակի մը իրագործման մասնակցելու համար եւ ոչ թէ քաղաքական կամ այլ տարբեր հաշիւներ հետապնդելով ատոր մէջ: 42,195 քմ երկարութիւն ունեցող այս մարաթոնը կը յաջողի մեծ թիւով մասնակցողներուն եւ անշուշտ մարզական լրագրողներուն շնորհիւ», շեշտեց Մայ Խալիլ:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ վազքի այս մրցումի պատասխանատու Ուիսամ Թըրրօ, որ խօսեցաւ այս տարի կատարուելիք կարգ մը փոփոխութիւններուն մասին: Այդ փոփոխութիւններուն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:

 

Share this Article
CATEGORIES