ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐ (ՀԱՅԵՐԷՆ ՇԱՐՔ. Զ. ՀԱՏՈՐ)
2009-ին Քանատայի մէջ լոյս տեսաւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի երկերուն հայերէն շարքին Զ. հատորը` խմբագրութեամբ Վազգէն Ղուկասեանի եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեաններու:
Սոյն հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 420 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ գործերը. «Հող, մարդ եւ գիր», «Հայ մարդը հայ գիրքին դիմաց», «Հրաշք Տաթեւի Թափօր լերան լանջերուն» եւ «Խոր Վիրապ` «Խորհուրդ խորին»…»:
Սոյն հատորը համադրոյթն է ազգային ու եկեղեցական բնոյթ կրող այն բազմաթիւ յօդուածներուն, զորս Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը ստորագրած է սփիւռքահայ կարգ մը թերթերու մէջ: Յիշեալ յօդուածները վեհափառը գրած է զգացական որոշ պայմաններու տակ, դէպի հայրենի աշխարհն ու սփիւռքի այլազան ոստանները իր կատարած այցելութիւններէն ետք: Այս յղացքով, ազգասիրական զգացումներով բաբախուն եւ հայ եկեղեցւոյ պատմական անցեալով յատկանշուած էջեր են իր գրութիւնները, որոնց առանցքը կը կազմեն հայրենական հողն ու հայոց դարաւոր մշակոյթը, որոնց հանդէպ Գարեգին Ա. կը յայտնաբերէ յարատեւ սէր եւ ակնածանք: Այս իւրայատկութեամբ, իր գրութիւնները հոգեմտաւոր ինչ բնոյթ որ ալ ունենան, կը հանդիսանան անկորնչելի վկայութիւնները` գրական մնայուն ժառանգութեան:
Հոգեկան ապրումներով շարայարուած յուշագրական գեղեցիկ իրագործում մըն է սոյն ծաւալուն հատորը, ուր Գարեգին Ա. կը նկարագրէ այն բազմաթիւ այցելութիւնները, զորս կատարած է` Նոր Զելանտա, Արաքս գետի ափերուն, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի վանքը եւ աշխարհասփիւռ այլ շրջաններ:
Յատկանշական իմաստ մը կը պարզէ այն գրութիւնը, ուր վեհափառը կ՛ըսէ, թէ 1970-ին, միջեկեղեցական ժողովի մը մասնակցելէ ետք, Լոնտոնէն Պէյրութ վերադարձին, օդանաւին մէջ, անգլիական պարբերաթերթի մը մէջ կը կարդայ հայոց հինաւուրց վանքերուն վերաբերող տխուր յօդուած մը` «Հայաստանի անհետացող եկեղեցիները» խորագրի տակ: Անդիմադրելի յուզում մը կը յառաջանայ իր սրտին մէջ, երբ անգլիացի յօդուածագիրը` Ռոպըրթ Հիլընպրենտ սոյն յօդուածով կ՛անդրադառնայ այն ցաւալի իրողութեան, թէ ժամանակի աւերիչ ներգործութեամբ, քանդուած են հայկական երբեմնի շքեղակերտ յուշարձաններ ու վերապրած են Վարագայ, Ս. Բարթողիմէոսի եւ Էջմիածնի վանքերը միայն: Իրենց մահաշուք ճակատագրին ձգուած յիշեալ աւերակ եկեղեցիները, կ՛ըսէ Գարեգին Ա., խոր վիշտ կը պատճառեն իրեն:
«Քարե՜ր, աղօթաձա՜յն քարեր» խորագրեալ գրութեամբ, Գարեգին Ա. կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս 1970-ի յուլիսի 11-ին Ատրպատականի թեմական իշխանութեան հրաւէրով Սուրբ Թադէի վանքը կ՛երթայ պատարագելու, քարոզելու եւ ոգեկոչելու յիշատակը Սուրբ Թադէոս առաքեալին, որ նահատակուեցաւ հայրենի բնաշխարհի Արտազ նահանգի մէջ: Վեհափառը ոգեշունչ ապրումով մը կը կենդանագրէ այն պահը, երբ հաւաքական ոգեւորութեան մը մէջ, ո՛չ միայն հայ ուխտաւոր հաւատացեալները, այլ նաեւ Հայաստանի քարերն անգամ մասնակից կը դառնան կիրակմուտքի սրբախորհուրդ ժամերգութեան եւ սուրբ պատարագի խորհուրդին:
Գարեգին Ա. վեհափառի Զ. հատորին «Հող, մարդ եւ գիր» խորագրեալ բաժինը արձանագրութիւնն է երկրագունդի դէպի հեռաւոր եւ օտար ոստանները իր կատարած ուխտագնացութիւններուն:
Այս յարակցութեամբ, յիշատակելի են 1972-ին, Իրանա-Հնդկաստանի թեմի իր առաջնորդութեան շրջանին, Նոր Ջուղայի վանքին մէջ իր արտասանած գնահատական խօսքերը` հայկական արժէքաւոր հնութիւններու յատկացուած նոր թանգարանի բացման առիթով:
Գարեգին Ա. անդրշիրիմեան մտածումներ կ՛արտայայտէ «Գերեզմաններու խորհուրդը…» խորագրեալ գրութեամբ, զոր գրի կ՛առնէ 1971-ին, պարսկական Չհարմահալի գաւառը իր տուած այցելութեան առիթով: Սոյն յուշագրական գործով կը թուէ անունները իր այցելած գերեզմաններուն, ուր դարերու ընթացքին թաղուած են տարաբնակ հայեր, ինչպէս` Վաստիգանի գերեզմանատունը, Մատրասի հայոց եկեղեցիին բակը, ուր կը գտնուի շիրիմը հայ լրագրութեան ռահվիրայ քահանային` Յարութիւն Շմաւոնեանին, Ս. Թադէի վանքին շիրիմները եւ այլ շիրմատուներ: Վերծանելով խորհուրդը իր այցելած գերեզմաններուն` Գարեգին Ա. կ՛ըսէ. «Եւ ես այսօր, այստեղ, գերեզմաններու այս «Սօսեաց անտառ»ին մէջ, երբ կը լսեմ սրսփիւնը այս հայ հոգիներուն, մտքիս հորիզոնը կը լայննայ անծայրածիր տարածութեամբ, ու կը տարուիմ պատկերելու հայ ժողովուրդի մեռելներու սփիւռքը, համատարած ցանքը հայ շիրմաքարերուն: Կա՞յ արդեօք աշխարհի մէջ մէկ գերեզմանատուն, որ հայ բնակիչ մը չունենայ: Ես տեսեր եմ հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ հայկական գերեզմանատուներ, անհամար տապանաքարերով»:
Զ. հատորին մաս կը կազմեն գրութիւններ, ուր Գարեգին Ա. յատուկ վերլուծումներով եւ արժանաւորութեամբ կը պանծացնէ յիշատակը Գարեգին Ա. Յովսէփեանց եւ Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետներուն, մեծանուն մտաւորական Շահան Պէրպէրեանի եւ հայ դպրութեան անմահ վկաներուն, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին:
Գարեգին Ա. 1977 թուի յունիսի 30-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարեց բացումը Հայ գիրքի ցուցահանդէսին «Հայ մարդը` հայ գիրքին դիմաց» նշանաբանով: Սոյն պաշտօնական բացումէն ետք, ամէն հոկտեմբեր ամսուն, տասներկու տարի յաջորդաբար (բացի 1978-էն), տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի ցուցահանդէսը մայրավանքի շրջափակին մէջ, ուր վեհափառը, իւրաքանչիւր ցուցահանդէսին, բնութագրեց հայ գիրքը` պատիւն հայուն, պարտքը հայուն, տագնապը հայուն եւ այլ իւրայատուկ նշանաբաններով:
Հատորը կը փակուի Տաթեւի վանքը եւ Խոր Վիրապ իր տուած այցելութիւններով, որոնցմէ իր քաղած տպաւորութիւնները կը յուշագրէ վեհափառը «հոգեկան հայեցողութեան մէջ վերակենդանացած պահեր» ընծայելով ընթերցողներուն:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ապրիլ 2011
Պէյրութ