ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՎԱՅՐԵՐ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԵՒ ՄԱԿ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
Թուրքիա բուռն կերպով դատապարտեց Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ բնակեցման վայրեր կառուցելու մասին իսրայէլեան որոշումը` զայն նկատելով «անընդունելի» եւ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան պաղեստինեան դիմումը արդարացնող:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ բնակեցման վայրեր կառուցելու Իսրայէլի որոշումը «անոր հաւաստիութեան եւ իսկական նպատակներուն շուրջ կասկածներ կը յարուցէ»` աւելցնելով, որ անիկա անընդունելի որոշում մըն է եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում մը:
Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, որ « Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողամասերուն վրայ ապօրինի բնակեցման վայրեր կառուցել շարունակելը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչման դիմումը արդարանալի եւ ճիշդ ատենին է»:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ ռազմավարական եւ միջազգային ուսումնասիրութեանց կեդրոնի թրքական ծրագիրի տնօրէն Պիւլենթ Ռիտա սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեց, որ Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը վտարելու թրքական քայլը պիտի ազդէ Թուրքիոյ ապահովութեան եւ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական քարտէսին վրայ Թուրքիոյ դիրքին վրայ:
Ան աւելցուց, որ ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն տարրերու թրքական տարածքին մէջ տեղակայումը Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պիտի բարդացնէ, որովհետեւ ռուսերը սկիզբէն ի վեր դէմ են այդ ծրագիրին, որովհետեւ համոզուած են, որ այդ համակարգը իրենց դէմ ուղղուած է:
Ան նաեւ նշեց, որ այդ տարրերուն Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը նաեւ Իրանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պիտի դժուարացնէ «եւ անշուշտ Թուրքիա այդ ծրագիրին պատճառով իր սեփական ու իւրայատուկ դժուարութիւնները ունի»:

