«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ

Ալի Աքպար Սալեհի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ «Իրան 15 դրացի պետութիւններ ունի», սակայն «Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթութիւն են»:

Սալեհի նշեց, որ «Թուրքիա ուժեղ երկիր մըն է եւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը. այս երկիրը Արեւմուտքին դէմ կը կանգնի, ժողովուրդը հաւատացեալ եւ իսլամութիւնը սիրող է, նոյնպէս ալ Սէուտական Արաբիա զոյգ սուրբ քաղաքներու` Մեքքայի եւ Մետինէի ծառայութիւնը կը կատարէ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տնտեսական կարեւոր ուժ մը կը նկատուի»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց` ամրապնդելու Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը եւ արգելքները հարթելու: Ան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին խօսելով յայտնեց, որ անոնք «յաջող էին եւ տնտեսական մարզին վրայ եւս պիտի ազդեն»` աւելցնելով, որ «Իրան Թուրքիան իրեն մրցակից չի նկատեր, այլ` Թուրքիոյ զարգացումն ու բարգաւաճումը Իրանի զարգացումին եւ բարգաւաճման նման կը նկատէ, ինչպէս նաեւ անոր ապահովութիւնը Իրանի համար ապահովութիւն է»:

Սալեհի յայտնեց, որ դրացի երկիրներու տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ այլ գետնի վրայ զարգացումը Իրանին ապահովութիւն կը ներշնչէ:

 

Share this Article
CATEGORIES