ՍՈՒՐԻԱ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԴԷՄ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «ամերիկացի պաշտօնատարներուն վերջին յայտարարութիւնները, ներառեալ` 26 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըրի սուրիական բանակին դէմ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ բռնարարքներուն զօրակցող յայտարարութիւնը յստակ կերպով ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներ մեղսակից են զինեալ խմբաւորումները սուրիական արաբական բանակին դէմ բռնարարքներ գործելու քաջալերման»:

Աղբիւրը նշեց, որ «Սուրիա բուռն կերպով կը դատապարտէ ամերիկեան այդ յայտարարութիւնները, իր վճռակամութիւնը կը յայտնէ իր ապահովութիւնը, կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ իր քաղաքացիներն ու անոնց ապահովութիւնը պաշտպանելու եւ դէմ դնելու իր ներքին գործերուն միջամտելու բոլոր փորձերուն»:

Միւս կողմէ, սուրիացի ցուցարարներ` մերժելով Սուրիոյ ներքին հարցերուն ամերիկեան միջամտութիւններն ու ամերիկեան ճնշումները, պաշարեցին գրասենեակ մը, ուր Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ հանդիպում կ՛ունենար ընդդիմադիր ղեկավարի մը հետ: Սուրիական ապահովական ուժերը փորձեցին ցրուել ցուցարարները, սակայն ականատեսներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ցուցարարները յաջողած են քարկոծել եւ լոլիկներ նետել դեսպանին շքախումբին վրայ, որուն ինքնաշարժներէն մէկը դէպքին վայրէն հեռանալու ընթացքին ցուցարարի մը բախած է: Ցուցարարին ընտանեկան պարագաները կը մտադրեն դեսպանին դէմ դատական հայց յարուցել:

Share this Article
CATEGORIES