ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ ինք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մօտ շօշափած է լաւատեսութիւն մը` Սուրիոյ համար աւելի փայլուն ապագայի մը առումով: Ան նկատել տուաւ, որ Ասատ Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն նկատմամբ հանգիստ կը զգայ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի մեկնեցաւ Փարիզ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը քաղաքականացած է եւ պէտք է սրբագրել այն մեքանիզմը, որուն հիման վրայ կարելի եղած էր հիմնել այդ ատեանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Դամասկոս այցելութիւնը ներկայիս քննարկումի օրակարգին վրայ չի գտնուիր:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Պքերքէ կատարելիք այցելութեան հաւանականութիւն չկայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ իրենք ցաւով ընդունած են այն իրականութիւնը, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունեցած է ոճրագործ վարչակարգ մը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ նշանակումներու թղթածրարը մօտիկ ապագային պիտի քննարկուի կառավարութեան կողմէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը փորձէ անճիտել Հըզպալլան` զայն նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանելով:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներու համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Նիւ Եորքի մէջ ունեցած իրենց հանդիպումներուն ընթացքին շօշափած են Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ սալաֆականներու շարժումները ֆինանսաւորող գլխաւոր կողմը Սէուտական Արաբիան է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ծագած տագնապին փարատումը ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ` ամբողջ շրջանին համար դրական արձագանգներ պիտի ունենայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէի միջմարոնիական հանդիպումին ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի եւ փոխնախագահ Ժորժ Ատուանի կեցուածքներուն միջեւ արձանագրուած են խոր հակասութիւններ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ դրուատեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքները` շեշտելով, որ Ռայի պատրիարքը փաստեց, որ ինք ամբողջ Լիբանանի պատրիարքն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ իրենք համաձայն չեն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարած կարգ մը կեցուածքներուն` աւելցնելով սակայն, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ իրենք պիտի գժտուին պատրիարքին հետ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքները իր տեսակէտները կը ներկայացնեն` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն երկրին ընտրական օրէնքին մէջ Պքերքէի միջամտութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Պքերքէի սկզբունքները կը ճշդուին մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին եւ եպիսկոպոսներուն կողմէ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդունեց Քանատայի մէջ Լիբանանի դեսպան Հիլըրի Չայտզ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին: Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը առանց զբօսաշրջութիւն կատարելու արագացնէ իր քայլերը` ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու նպատակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պեքաայի Տէյր Աշայեր շրջանին մէջ գրաւեց հինգ փոխադրակառքեր, որոնք բեռցուած էին ծխախոտով, ըմպելիներով եւ այլ իրերով, որոնք պիտի մաքսանենգուէին դէպի Սուրիա: Հինգ փոխադրակառքերուն կողքին ձերբակալուած է նաեւ կասկածելի մը:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով Լիբանան իր արտադրութեան միայն 5 առ հարիւրը կ՛արտածէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կան որոշ գործարաններ, որոնք կը գտնուին փակուելու սպառնալիքին դէմ յանդիման:

