ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Լրատուութիւն` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Իրան եւ ապա Հայաստան կատարելիք այցելութեան մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Լիուա», «Անուար»,  «Սատա Պալատ» եւ «Մուսթաքպալ» օրաթերթերը):

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Անդրադարձ. Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ կ՛ուղղէ քիւրտերուն ըմբոստանալու Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Հայաթ» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):

«ՍԱՖԻՐ»

– Ակնարկ` Իրաքի նախկին փոխվարչապետ Ահմետ Ժալապիի կողմէ տրուած դասախօսութեան մը, որուն մէջ ան կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը կիրարկէ նոր օսմանական քաղաքականութիւն մը` սիւննիները պաշտպանելու պատճառաբանութեան ներքեւ, «սակայն ատիկա քաղաքականութիւն մըն է, որ իր նպատակները պիտի չկարենայ իրականացնել», ըսաւ Ժալապի:

Share this Article
CATEGORIES