ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՈ՞ՒՄ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարները երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած են նախկին վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած են Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ Ֆուատ Սինիորա, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր ժահժահ, երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Մարուան Համատէ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները եւ անոնց նկատմամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքներն ու վերաբերումը:

Միւս կողմէ, «Պինա» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Փարիզ կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին ութ ժամուան հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Ութ ժամուան հանդիպումէն միայն երկու ժամուան ընթացքին Հարիրիի եւ Ժոմպլաթի միացած է երեսփոխան Մարուան Համատէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES