«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ » ՇԵՇՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան, որ առաջարկուած է Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կողմէ եւ վաւերացուած Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի վեհաժողովին:

Միքաթի շեշտեց, որ այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ ճնշում պէտք բանեցնեն Իսրայէլի վրայ:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛իշխէ երկրին եւ լիբանանեան բոլոր տարածքներուն:

Միքաթի հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն սպառնացած է իրեն:

Share this Article
CATEGORIES