ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՄԱՐ ԵՒ ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷՆԵՐԸ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէն եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն, որոնց հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւնները, երկրին ապահովական կայունութեան սպառնացող փորձերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Օմար Քարամէ հաստատեց, որ ինք մեծ վստահութիւն ունի սուրիացի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան վրայ` շրջանցելու համար Սուրիոյ սպառնացող տագնապը: Ան կոչ ուղղեց զգուշանալու շրջանը քայքայելու եւ բաժանումի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ անոր դէմ սադրանքներ նախապատրաստելու փորձերէն եւ Միջին Արեւելքի վրայ այդ փորձերուն ունենալիք հետեւանքներէն:
CATEGORIES Լիբանանեան