«ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒԾՈՒԻ ՄԻՆՍՔԻ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Ռուսիա չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն, եւ կը նկատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ուղղուած էին բնակչութեան համար բնականոն կենսապայմաններու ստեղծման: Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը կրնայ որոշուիլ միայն բանակցութիւններու ճամբով, տագնապի կողմերուն միջեւ քաղաքական բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք` ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած Մինսքի բանակցային հոլովոյթի շրջագիծին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES