ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, որ 28 սեպտեմբերէն 8 հոկտեմբեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի եւ շրջանային տագնապներու հարցերով գրասենեակի տնօրէն Ճասթին Ֆրիտման կ՛այցելէ Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Վրաստան:
Իսկ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Էրիք Ս. Ռուպինի շրջանային այցելութիւնը նախատեսուած է 16-22 հոկտեմբեր:
Հայաստանի մէջ նախատեսուած են Ֆրիտմանի եւ Ռուպինի հանդիպումները պետական պաշտօնեաներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Պիտի քննարկուին հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտադրելով ապահովութեան, տնտեսական եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն գծով երկկողմանի համագործակցութեան ընդհանուր ռազմավարական շահերը:
CATEGORIES Հայկական