ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 27 սեպտեմբերին այցելեց Ս. Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պետութիւն-եկեղեցի փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ Արցախի հոգեւոր կեանքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին նկատեց հայոց անկախ պետականութեան եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման կարեւոր հիմքերէն մէկը:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նախագահ Սահակեանին ծանօթացուց նաեւ Ս. Էջմիածինի մէջ իրականացուող լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներուն, որոնք ըստ ամենայնի պիտի նպաստեն եկեղեցւոյ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան:
Նոյն օրը Բակօ Սահակեան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ բրիտանահայ բարերար Վաչէ Մանուկեանի հետ եւ քննարկեց Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:

