«ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄ ՉԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան դիմում կամ առաջարկ չէ ներկայացուցած Դաշնակցութեան` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին կուսակցութեան ցուցակին վրայ ընդգրկուելու համար:
Նշենք, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան թերթերէն մէկուն տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաւանական նկատած էր Ռոպերթ Քոչարեանի մասնակցութիւնը 2012-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Այսպիսի դիմում, առաջարկ չէ եղած մեզի: Ուրեմն մենք այս հարցին պատասխանելու կարիքը չունինք, որովհետեւ այսպիսի քննարկում չենք կատարած… եթէ դիմէ, քննարկում պիտի ըլլայ: Իսկ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ կը պատահի քննարկման իբրեւ արդիւնք, ատիկա ես չեմ գիտեր», նշեց Վ. Յովհաննիսեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Քոչարեանի անունը նախընտրական ցուցակին վրայ ընդգրկուիլը կը զօրացնէ՞, թէ՞ կը թուլացնէ Դաշնակցութեան դիրքերը, Յովհաննիսեան արձագանգեց, որ քանի այսպիսի ընդգրկում տեղի չէ ունեցած, կարելի չէ քննարկել անոր հաւանական դրական կամ բացասական հետեւանքները:
Նշենք, որ Դաշնակցութիւնը 1998 եւ 2003 թուականներու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին սատարած է Ռոպերթ Քոչարեանի թեկնածութեան:
Անդրադառնալով 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն` Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը հանդէս պիտի գայ նախագահի իր սեփական թեկնածուով:
Վահան Յովհաննիսեան խօսեցաւ նաեւ վերջին հանրահաւաքին ընթացքին Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի` մինչեւ տարեվերջ արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու պահանջին մասին: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ արդեօք կարելի կը նկատէ՞, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան արտակարգ լուծումներու դիմէ, Վահան Յովհաննիսեան նշեց. «Արտակարգ լուծումները որո՞նք են` խորհրդարանի լուծարում եւ նոր խորհրդարանական ընտրութիւններու նշանակում: Սահմանադրութիւնը թոյլ չի տար նախագահին ատիկա կատարել, ուրեմն կը մնայ երկրորդ տարբերակը. Սերժ Սարգսեանը հրաժարական կու տայ եւ կ՛ըսէ` եկէ՛ք տղաք, դուք ընտրուեցէ՛ք: Դուք կը տեսնէ՞ք որեւէ մղում, որ ինք այսպիսի քայլ կատարէ: Ես չեմ տեսներ, որ ինչո՞ւ ան ատիկա պիտի կատարէ: Արդեօք անոր վրայ ճնշումը Հայ ազգային քոնկրեսի կողմէ այդքան զօրաւո՞ր է: Չեմ կարծեր, որովհետեւ երբ դուն արտակարգ ընտրութիւններ պահանջես եւ միեւնոյն ժամանակ ըսես, որ առաւելապաշտ չես եւ պատրաստ ես զիջելու, բարի պիտի ըլլաս բացատրելու, թէ ո՛ր հարցին մէջ պատրաստ ես զիջելու մինչեւ նոր տարի արտակարգ ընտրութիւններ, թէ՞ մինչեւ 18 փետրուար կամ մինչեւ 6 մարտ»:
Անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն առկախուած երկխօսութեան` դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ Հայ ազգային քոնկրեսը ինքն իրեն ծուղակը ձգեց, քանի որ քաղաքական բանտարկեալ հռչակեց «խուլիկանութիւն» յօդուածով կալանաւորուած իր անդամին: Ըստ անոր, փաստօրէն յայտնի եղաւ, որ Հայաստանի մէջ ոեւէ անձ կրնայ ինքզինք քաղաքական բանտարկեալ նկատել եւ այնքան աժանցաւ քաղաքական բանտարկեալ հասկացողութիւնը, որ այդ ծուղակին մէջ իյնալով, Հայ ազգային քոնկրեսը դուրս եկաւ այն բանակցութիւններէն, որոնք, չի բացառուիր, թէ կրնային յանգեցնել իրենց եւ իշխանութեան միջեւ համաձայնութեան ձեւի մը, որ փոխադարձ ձեռնտու բաժիններ ունենար: «Բայց գերի են… խուլիկանութեան յօդուածով նստած մարդ մը քաղաքական բանտարկեալ նկատած են եւ չեն կրնար այդ բեռին տակէն դուրս գալ: Այսպիսի բան քաղաքական ուժին, որ լրջութեան կը յաւակնի, այսպիսի պատանդի վիճակի մէջ պէտք չէ պահէ», ըսաւ Վ. Յովհաննիսեան:

