ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅԵՑ ԹԵՒԵԶԸ
Մանչեսթըր Սիթիի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ երկու շաբաթով կախակայուեցաւ, որովետեւ չենթարկուեցաւ ակումբի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինիի որոշումին:
Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի գծով երեք օր առաջ տեղի ունեցած մրցումին Թեւեզ մերժեց դաշտ ներկայանալ, որովհետեւ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր:
Միւս կողմէ, իտալացի Մանչինի ըսաւ, որ այնքան ատեն որ ինք խումբին մարզիչն է, Թեւեզ որեւէ մրցումի նկատի պիտի չառնուի եւ փորձերուն ալ պիտի չմասնակցի:
CATEGORIES Մարզական


