ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԻՐ ԽՄԲԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
Ռուսական Քրասնոտար ակումբին պաշտօնական կայքէջը յայտարարեց, որ երէկ ակումբին կատարած փորձերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան:
Մովսիսեան անհանգիստ ըլլալով իր փորձերը կը կատարէր անհատական ծրագիրով:
Սակայն այժմ Մովսիսեան ինքզինք շատ լաւ զգալով կը յայտնէ, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ վաղը դաշտ ներկայանալ:
CATEGORIES Մարզական

