ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ. ՊՐԱԶԻԼ ՅԱՂԹԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ` 2-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Էսթատիօ Մանկուէյրաօ Պելեմի մէջ (Պրազիլ), Պրազիլ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Արժանթինը, որուն հետ առաջին մրցումին (14 սեպտեմբեր) 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր: Անիկա այսպիսով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին:

Մրցումին երկու կոլերը նշանակեցին Լուքաս (54-րդ) եւ Նէյմար (76-րդ), իսկ մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր Խորխէ Լարիոնտա (Ուրուկուէյ):

Ռոնալտինիօ, որ Պրազիլի խմբապետն էր, մրցումէն ետք ըսաւ, որ շատ կը փափաքէր 2012-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք Ամառնային ողիմպիական խաղերուն:

Նշենք, որ երկու կազմերն ալ դաշտ ներկայացած էին այն մարզիկներով միայն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն իրենց երկրի ախոյեանութեան մրցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES