ՔԻՐՍԱՆ ԻԼԻՈՒՄԺԻՆՈՎ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
ՖԻՏԷ -ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով ներկայիս կը գտնուի Պաքուի մէջ` աշխատանքային յատուկ այցելութեամբ մը:
Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին նախագահը Ազրպէյճանի կրթութեան նախարարին հետ քննարկած է միջնակարգ դպրոցներուն մէջ ճատրակը պարտադիր դասապահի վերածելու հեռանկարը:
ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ Ազրպէյճանի կրթութեան նախարարութեան հետ կնքած է համագործակցութեան շարք մը համաձայնագիրներ, որոնց մասին անիկա ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցէ:
CATEGORIES Մարզական

