ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՓԻՒՆԻԿ – ԻՄՓՈՒԼՍ ՄՐՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԿՐԿՆՈՒԻ 14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի Փիւնիկ – Իմփուլս մրցումը պիտի կրկնուի յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին, հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 15:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 13:00-ին):

Կրկնուելիք այս մրցումը, որուն ընթացքին Փիւնիկ նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց (1-0), պատճառ դարձաւ, որ 25-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք երկու ճակատումներ` Փիւնիկ – Բանանց եւ Իմփուլս – Միքա, 16 հոկտեմբերի փոխարէն կատարուին մէկ օր ուշացումով:

Share this Article
CATEGORIES