ԱՇՈՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԲԱԶԿԱՄԱՐՏԻ ՅՈՒՇԱՄՐՑԱՇԱՐՔ

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի, Միքա մարզասրահին մէջ մեծ հետաքրքրութեամբ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի բազկամարտի ախոյեանութիւնը: Անիկա նուիրուած է Հայաստանի բազկամարտի ֆետերասիոնի հիմնադիր Աշոտ Սարգսեանի յիշատակին:

Մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 3 միլիոն դրամ: Անոր կը մասնակցին Երեւանէն, այլ քաղաքներէ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն աւելի քան 350 մարզիկներ, որոնք կը մասնակցին տարբեր դասակարգի մրցումներու:

Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները պիտի ստանան յաջորդաբար 300, 200 եւ 100 հազարական դրամ:

Share this Article
CATEGORIES