ԱՐԵՒՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ` ԷՆՔԱՆԵՐԸ (Ա. ՄԱՍ)

12-րդ եւ 14-րդ դարերուն էնքաները հիմնեցին Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն հզօր կայսրութիւնը: Անոնք արեւը կը պաշտէին եւ ոսկիէ սքանչելի առարկաներ կը շինէին զայն պատուելու համար:

Էնքաները կ՛ապրէին Անտեան լեռնաշղթայի լեռներուն վրայ, աւելի քան 4500 քմ. երկարութեամբ հողամասի մը վրայ: Անոնց մայրաքաղաքը կը կոչուէր Քուզքօ. էնքաներուն Քեչուայ լեզուով ասիկա կը նշանակէ` «աշխարհին պորտը»:

ՍԱՓԱ ԷՆՔԱ` ԱՍՏՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Սափա Էնքա կոչուած կայսրը ընկերութեան ամէնէն կարեւոր անձնաւորութիւնն էր. ան նոյն ժամանակ բացարձակ իշխանութեան տէրն էր եւ կրօնական պետ մը:

ԱՐԵՒԻ ՈՐԴԻՆ

Էնքաները կը պաշտէին բնութենէն ներշնչուած բազմաթիւ չաստուածներ, ինչպէս` լեռները, լիճերը, որոտումը եւ արեւը: Սափա Էնքան կը համարուէր արեւու որդին եւ իբրեւ միջնորդ կը ծառայէր մարդոց եւ աստուածներու աշխարհներուն միջեւ: Ան օծեալ անձ մըն էր: Ոչ մէկը իրաւունք ունէր անոր աչքերուն մէջ նայելու, ո՛չ ալ անոր հետ ուղղակիօրէն խօսելու:

ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ, ԲԱՅՑ ԱՐԴԱՐ

Սափա Էնքան կը գտնուէր շատ լաւ կազմակերպուած ընկերութեան մը գլխուն: Ան կ՛ընտրէր կրօնականները, բանակին պետերը եւ դատաւորները` իր ընտանիքին անդամներէն: Ան կը հսկէր հունձքերու հաւասար բաշխումին վրայ`յեղաշրջումներէն խուսափելու համար:

ԿԱՅՍՐԸ ԵՒ ԻՐ ԿԻՆԸ

Սափա Էնքա տիտղոսը կ՛անցնէր հօրմէ զաւկին: Կայսրին կինը կը կրէր քոյա տիտղոսը, որ «աստղ» կը նշանակէ քեչուա լեզուով: Կայսրը ունէր նաեւ բազմաթիւ ուրիշ կիներ:

ԴԱԺԱՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սափա էնքան կը նախագահէր կրօնական մեծ տօներուն` արեւու տաճարին մէջ: Այս արարողութիւններուն ընթացքին ան անասուններ կը զոհէր: Երկրաշարժերու կամ հրաբխային ժայթքումներու նման մեծ աղէտներէ ետք, ան երբեմն նոյնիսկ մարդկային զոհեր կը մատուցէր չաստուածներուն` անոնց զայրոյթը հանդարտեցնելու համար:

ՈՍԿԻԷ ԻՇԽԱՆ ՄԸ

Կայսրը ոսկիէ սքանչելի գոհարեղէններ կը կրէր, ոսկիէ գահի մը վրայ կը նստէր, ոսկիէ պնակներու մէջ կ՛ուտէր եւ ոսկի թելերով հիւսուած սաւաններու վրայ կը քնանար: Էնքաներուն համար այս արժէքաւոր մետաղը կը ներկայացնէր արեւուն արցունքները: Անոնք ոսկիէ արձանիկներ կամ դիմակներ կը շինէին` արեւի պաշտամունքին յատուկ:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

  • Աւստրալիոյ մէջ կոկորդիլոս մը աւելի քան 400 քմ քալած է տուն վերադառնալու համար:
  • Անթարքթիքան անապատ մըն է:
  • Անգլիոյ մէջ օրէնքները ֆրանսերէնով գրուած են աւելի քան 400 տարիներու ընթացքին:
  • Խնձորները ջուրին վրայ կը ծփան, մինչ տանձերը կ՛ընկղմին:
  • Կարգ մը խոզեր ցեխէն կը վախնան:
  • Երկրագունդին մակերեսին աւելի քան 70 առ հարիւրը ջուրով ծածկուած է:
  • Տասնհինգ տարեկան կատու մը հաւանաբար իր կեանքէն տասը տարին քնանալով անցուցած է:
  • Պաղ աստղերը կարմիր կ՛ըլլան, տաք աստղերը` կապոյտ:
  • Կարգ մը հոյամողէզներ 1000 ակռաներ ունէին:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՆՏՈՒՆԵՐԸ ԱՄԷՆ ԱՇՆԱՆ
ԻՐԵՆՑ ՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՆ

Հնդկաստանի մէջ ամէն տարի լոյսեր կը վառեն բոլոր տուներուն մէջ` բախտ բերելու համար: Ասիկա կը պատահի հոկտեմբեր կամ նոյեմբեր ամիսներուն, լոյսերու տօնին, Տիվալիի օրը, հինտուներու ամէնէն ծանօթ տօներէն մէկը:

Այս տօնակատարութիւնը կ՛ոգեկոչէ հինտու աւանդութեան միջադէպերէն մէկը. Ռամա իշխանին (Վիշնու աստուածը) Հնդկաստան վերադարձը: Ան գացած էր իր կինը` Լաքշիմին փնտռելու: Ան առեւանգուած եւ բանտարկուած էր Սրի Լանքա (Սէյլան) կղզիին վրայ: Այս առիթով, ըստ աւանդութեան, Ռամայի ենթակաները բազմաթիւ լամբերով լուսաւորած են իրենց քաղաքին փողոցները… Ըստ Հնդկաստանի շրջաններուն, Տիվալին կրնայ նշել (կամ ոչ) նոր տարուան սկիզբը:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՏԱԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ
ԽՈՒՄԲԻՆ ՇԱՊԻԿԸ ԿԱՊՈՅՏ Է

Որովհետեւ կապոյտը 1861-1946 ժամանակաշրջանին երկիրը կառավարող Սաւուա թագաւորական ընտանիքին գոյնն է:

20-րդ դարու սկիզբները իտալական ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկները` ճերմակ տարազ մը կը հագնէին: 1911-ի յունուարին այս խումբը խաղցաւ Հունգարիոյ խումբին դէմ: Այս առիթով իտալացիները կապոյտ տարազ մը հագան` ի պատիւ այդ շրջանին իրենց երկրին վրայ իշխող թագաւորական ընտանիքին` Սաւուաներուն:

Այդ ժամանակէն ի վեր այս խումբը պահած է իր տարազը եւ ստացած` Սքուատրա Ազուրա (կապոյտ խումբը) անունը: Իտալական ուրիշ մարզական խումբեր (ռիւկպիի, պասքեթպոլի եւ այլն) հետագային հետեւած են ֆութպոլի խումբի օրինակին:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ՓԵՔԻՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻՆ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒՆ
ԴԷՄՔԵՐԸ ԿԱՐՄԻՐ ՆԵՐԿՈՒԱԾ ԵՆ

Փեքինի օփերային կարգ մը կերպարներու դէմքերը ներկուած են կարմիր. այս գոյնը կ՛արտայայտէ աշխուժութիւնը, քաջութիւնը, ջերմեռանդութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ պարկեշտութիւնը: Անիկա չինական մշակոյթին մէջ հերոսին գոյնն է:

Իւրաքանչիւր գոյն կը նշէ բնաւորութեան գիծ մը, հոգեվիճակ մը: Ճերմակը, որ արեւմտեան աշխարհին մէջ կը խորհրդանշէ անարատութիւնը, չինական մշակոյթին մէջ կը ներկայացնէ խորամանկութիւնը, նոյնիսկ` դաւաճանութիւնը: Սեւը կը յիշեցնէ խստութիւնը, սակայն նաեւ` անշահախնդրութիւնը, պարկեշտութիւնը: Դեղինը կրնայ արտայայտել խելացութիւնը, սակայն նաեւ` կատաղութիւնը եւ փառասիրութիւնը: Կանաչ գոյնով դիմայարդարուած կերպար մը բուռն է, նետուող: Կապոյտը կը պատկանի քաջ կերպարներուն: Մինչ ոսկեգոյնը եւ արծաթագոյնը յատկացուած են գերբնական էակներուն:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՒԱՐԵԿՆԵՐԸ ԿՈՉԱԾ ԵՆ
«ԿԱՊՈՅՏ ՄԱՐԴԻԿԸ»

Թուարեկները սովորութիւն ունին իրենց գլուխը փաթթոցով մը ծածկելու: Երբ այս փաթթոցը «էնտիկօ» կոչուած բոյսով մը ներկուած է, անիկա կապոյտ կ՛ըլլայ: Արդ, ժամանակի ընթացքին այս կերպասը իր գոյնը կը նետէ եւ մորթը կապոյտ կը ներկէ:

Թուարեկները թափառաշրջիկ ժողովուրդ մըն են, որոնք կ՛ապրին Սահարայի եւ այս հսկայական անապատի շրջակայ տարածքներուն վրայ` Ալճերիա, Պուրքինա Ֆասօ, Լիպիա, Մալի, Նիկերիա: Հովէն եւ արեւէն պաշտպանուելու համար անոնք սովորութիւն ունին գլուխնին ծածկելու «շեշ» կոչուած փաթթոցով մը: Այս փաթթոցը քանի մը մեթր երկարութիւն կ՛ունենայ եւ կրնայ տարբեր գոյներով ըլլալ. կապոյտ շեշը կը գործածուի յատկապէս տօնական օրերուն:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր կապիկը պիտի ուտէ պանանը:

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր ուղտը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր առարկան կորսուած է վարի պատկերին մէջէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES