ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին` աւելցնելով, որ նախարարներուն թիւը պիտի ըլլայ 26:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտած է, որ ինք կը յարգէ Սուրիան եւ անոր դերակատարութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` գործակցելու Լիբանանի հետ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի մաղթեց, որ Պքերքէ շարունակէ իր առաքելութիւնը` գործակցութիւն եւ սէր կարգախօսին հիման վրայ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Ռահհալ հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի չվախնան զէնքէն` աւելցնելով, որ Միջազգային դատական ատեանը միակ միջոցն է Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւնները կասեցնելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթ. «Լիբանան հիմնական թատերաբեմ պիտի դառնայ` Իրանի դէմ ամերիկեան մագլցումներուն»:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ զօր. Միշել Աունի միջեւ հարցեր չկան:
ՖԱՅՍԱԼ Քարամէ. «Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է պաշտպանէ Դիմադրութիւնը»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիայի հետ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Կառավարութեան կազմութեան առումով այսօր պիտի արձանագրուին մեծ թիւով հանդիպումներ, որոնցմէ հիմնականը պիտի ըլլայ վարչապետ Միքաթի-զօր. Աուն հանդիպումը»:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխաններէն մէկը յայտնած է, որ Հըզպալլայի հրթիռները Իսրայէլի դէմ ուղղուած չեն, այլ` թիրախ կը դարձնեն Աքքարը, Մընիէն եւ Տըննիէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Տորի Շամուն. «Այնքան ատեն որ կառավարութեան նպատակը Միջազգային դատական ատեանին ջնջումն է, ապա այդ կառավարութիւնը մեռած պիտի ծնի»:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան վերաբերող հարցը տակաւին չէ լուծուած:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող պատճառները շատ են եւ բազմազան, սակայն անոնք հիմնականին մէջ շրջանային տարողութիւն ունին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հրապարակած բացայայտումները, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան պատերազմին մասին «Ուիքիլիքս» կայքէջին տեղեկութիւններուն, կ՛ըսեն հետեւեալը. ա) Երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը շեշտէր, թէ Իսրայէլ պէտք է գրաւէ հարաւային Լիբանանը, բ) Երեսփոխան Մարուան Համատէ կը հաստատէ, որ լիբանանեան բանակը ամօթ պիտի զգայ, եթէ Հըզպալլա իրեն յանձնէ իր ունեցած հրթիռները, որովհետեւ բանակին զինուորները չեն գիտեր անոնց օգտագործման ձեւը, գ) Նախարար Ժըպրան Պասիլ կը շեշտէ, թէ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւնը պատասխանատու է յուլիսեան պատերազմին, դ) Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ գործակցութիւնն ու փոխըմբռնումի համաձայնագիրը մեծ սխալ մը կը նկատէ: