ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՔՔԱՐ

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Աքքար, ուր վերահաստատեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսպէս կոչուած պատմական յարաբերութիւնները` ընդգծելով Լիբանանի նկատմամբ Թուրքիոյ մնայուն զօրակցութիւնը:

Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ կան բարգաւաճման շարք մը այլ ծրագիրներ, որոնք պիտի գործադրուին մօտիկ ապագային:

Յայտնենք, որ Էօզեըլտըզ այցելեց Աքքարի Այտամուն եւ Քաուաշրա գիւղաքաղաքները, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Աքքարի պետական վարժարանի տնօրէնին, Այտամունի քաղաքապետական խորհուրդին եւ գիւղաքաղաքի թաղապետներուն հետ:

Թրքական ֆինանսաւորումով հիմնուած Այտամունի դպրոցին աշակերտները դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի կողմէ ստացան նաեւ նիւթական նպաստներ, կօշիկներ, հագուստ եւ սննդեղէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES