ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՄՈՐԱՊԵԹՕ Կ՛ԱՐՏԱՍԱՆԷ ԻՏԱԼԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապեթօ երէկ Սուրի Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ, ուր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասը տեղակայուած է, արտասանեց Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի կողմէ իտալական զօրամասին ուղղուած սրտի խօսքը:
Մորապեթօ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասը կը ծառայէ խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանումին` հիմնուելով ՄԱԿ-ի որոշումներուն վրայ:
Իտալացի դեսպանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ իտալացի զինուորները կը տարածեն իրենց ազգային միասնականութեան մօտեցումը եւ լիբանանեան բանակին հետ ուս-ուսի կը գործեն` ի խնդիր Լիբանանի կայունութեան պահպանումին եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման:
CATEGORIES Լիբանանեան