ՀԱՐԻՐԻ. «ԹԱԷՖԻ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻԼ ԶԷՆՔԸ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ԿԷՏԷՆ»

Հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Թրիփոլի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները, որոնց ծիրին մէջ նշեց, որ փտածութեան դէմ պատերազմ յայտարարող եւ այդ երեւոյթին դէմ հսկայ կարգախօսներով ներկայացող կողմերն են Լիբանանի մէջ փտածութեան հիմնադիրները. անոնք ծանօթ են բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ եւ անոնց պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին համար:

Հարիրի ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ տուեալ կողմերը կը փափաքին մենաշնորհը ունենալ լիբանանեան պետութեան տալիք որոշումներուն, կը շարունակեն խախտել երկրին գերիշխանութիւնը եւ շրջանցել սահմանադրական հաստատութիւններն ու ժխտական ազդեցութիւն բանեցնել Լիբանանի մէջ տրուած ազատութիւններուն վրայ:

Հարիրի հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը փափաքէին գործակցիլ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ եւ գործել ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը ընդմէջէն, սակայն վերոյիշեալ կողմերը մնայուն կերպով կ՛արգելակեն տիրող կացութիւնը եւ չեն ուզեր, որ լիբանանեան պետութիւնը բարգաւաճի, այլ` զէնքի ուժին ենթարկուի:

«Քուալիթի Ին» պանդոկին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը սկսելու Լիբանանի մէջ գտնուող զէնքը պետութեան յանձնելու կէտէն, որովհետեւ երբ զէնքը միայն մէկ կուսակցութեան մօտ կը գտնուի, այդ կուսակցութիւնը անպայման ճնշում կը բանեցնէ լիբանանցիներուն վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES