ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐԵՑ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԸ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուեցան բանակաշինութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան ներկայացուց զեկուցում:

Նախագահը նշեց, որ բանակը Արցախի անվտանգութեան ապահովման հիմնական երաշխաւորն է եւ անոր մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը կը հանդիսանայ պետականաշինութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուաւ կառավարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան` քննարկուած հարցերու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

Նիստին քննարկուեցան Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակի տօնակատարութիւններու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր: Նախագահ Սահակեան կառավարութեան յանձնարարեց ստեղծել տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնախումբ:

Նիստին հրաւիրուած էին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Share this Article
CATEGORIES