ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2011-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նստավայրը այցելեց Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի քարտուղար Նեպիլ Պայտուն, գանձապահ Էլի Մըլքի եւ նախկին նախագահ Ռուքոզ Քասսիս:
Խորհրդակցութիւնները ընթացան ընդհանրապէս Լիբանանի սկաուտութիւնը յուզող հարցերուն եւ մասնաւորաբար մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն շուրջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային