ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱԿԱԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

28 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ ապահովութեան խորհուրդի հակաահաբեկչութեան կոմիտէին եւ անոր ստեղծման մասին 1373 բանաձեւի 10-ամեակին նուիրուած յատուկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին կազմակերպութեան անդամ երկիրները, որոնց շարքին` Հայաստանը, ներկայացուցին իրենց տեսակէտները, վերլուծումները եւ յանձնառութիւնները նշեալ բանաձեւի իրականացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ քննարկեցին ահաբեկչութեան յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ ապագայ համագործակցութեան ուղենիշները:

Խօսելով ազգային, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներուն վրայ իրականացուած քայլերուն մասին` իր ելոյթին ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան նշեց, որ հակաահաբեկչութեան կոմիտէին անցեալին հասցէագրուած համապարփակ զեկուցումներուն մէջ հայկական կողմը ներկայացուց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական խորհուրդի եւ ԱՊՀ-ի իրաւական փաստաթուղթերուն եւ համաձայնագիրերուն Հայաստանի կողմէ միանալու, վաւերացնելու եւ կիրարկելու հոլովոյթները:

Հաշուի առնելով ահաբեկչութեան յանցագործութեան անդրսահմանային բնոյթը` դեսպան Նազարեան աւելցուց, որ այս կարեւորագոյն մարզին մէջ շրջանային համագործակցութեան հիմնական խոչընդոտներէն մէկն է դրացի երկիրներուն հետ սահմաններուն փակ ըլլալը, իսկ միջազգային ասպարէզին մէջ անհրաժեշտ է առաւելագոյնը օգտագործել նորարարութիւններու եւ տեղեկատուական փոխանակումներու փորձը: Այս շրջագիծին մէջ Հայաստան նշեց, որ ինք պիտի ողջունէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներուն միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն մէջ համագործակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES