ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՆԱՆԿՈՒԹԵՆԷՆ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ

Ամերիկեան ծերակոյտը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի դեմոկրատական եւ հանրապետական անդամները յաջողած են համաձայնութիւն գոյացնել բանաձեւի մը շուրջ, որ թոյլ կու տայ կառավարութեան գործունէութեան համար գումարներ յատկացնել: Բանաձեւի չորդեգրուելուն պարագային ամերիկեան իշխանութիւնները 30 սեպտեմբերէն սկսեալ առանց գումարի պիտի մնային:

Երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ հերթական տագնապը յառաջացած է Արտակարգ իրավիճակներու դաշնակցային գործակալութեան ֆինանսաւորման շուրջ: Վերջինս յաւելեալ գումարներու կարիք ունի` վերջին բնական աղէտներէն վերականգնման աշխատանքներու իրականացման համար:

Հանրապետականները պահանջած են, որ այդ գումարները յատկացուին կենսոլորտի համար մաքուր ուժանիւթի զարգացման ծրագիրի ֆինանսաւորման կրճատման հաշուոյն, մասնաւորաբար 1.5 միլիառ տոլարով նուազեցնելով ելեկտրական ինքնաշարժներու արտադրութեան պիւտճէական ֆինանսաւորումը:

Համաձայնութիւնը գոյացած է, երբ Արտակարգ իրավիճակներու դաշնակցային գործակալութենէն ճշդած են, որ յառաջիկային գործակալութեան աշխատանքին համար յատկացուած գումարները բաւարար են: Սակայն չի բացառուիր, որ ծերակոյտին մէջ այս հարցով դարձեալ բուռն քննարկումներ տեղի ունենան, որովհետեւ գործակալութիւնը ապագային դարձեալ ծերակոյտին պիտի դիմէ ֆինանսաւորման յաւելման համար:

Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւններուն տարակարծութեանց պատճառով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը գրեթէ իր պարտքերը վճարելու անկարողութիւն յայտարարելու սեմին հասած էր, երբ ամերիկացի օրէնսդիրները կը մերժէին բարձրացնել պետական պարտքի առաստաղը:

Share this Article
CATEGORIES