«ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻՆ ԴԷՏԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՇՆՈՐՀԵԼԸ ԱՒԵԼԻ ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՉՈՒՐՔԻՆ

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն պատուիրակ Վիթալի Չուրքին ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին այն կարծիքը յայտնեց, որ «պաղեստինցիներուն ՄԱԿ-ի մէջ դէտի կարգավիճակի շնորհման հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, քան անոնց լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալը»: Ան նշեց, որ «այդ հարցին մէջ աճապարանք չկայ, եւ պաղեստինցիները գիտակից են անոր լրջութեան: Կը կարծեմ, որ այս  հարցին քննարկումը քանի մը շաբաթ պիտի պահանջէ»: Չուրքին աւելցուց, որ «Յամենայն դէպս, Ռուսիա պիտի քուէարկէ ի նպաստ պաղեստինցիներուն»:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն պատուիրակը յայտնեց, որ իսրայէլացիներն ու ամերիկացիները Ապահովութեան խորհուրդի այս հարցով քուէարկութենէն մտահոգուելու պատճառ չունին, որովհետեւ եթէ խորհուրդը ի նպաստ պաղեստինցիներու դիմումին քուէարկէ, պաղեստինցիները միջազգային ընտանիքի զօրակցութիւն պիտի զգան, «ինչ որ բանակցութեանց հոլովոյթը յառաջ մղելու խթան մը պիտի ըլլայ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES