ՍՈՒՐԻԱ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԱԾՈՒՄԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Դամասկոս որոշած է այլեւս Թուրքիայէն ապրանք չներածել: Սուրիոյ իշխանութիւններուն տուած որոշումը ուժի մէջ մտած է 25 սեպտեմբերին: Թրքական կողմին կարծիքով` Դամասկոս այդպիսի որոշում տուած է պատժելու համար Թուրքիան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ Անգարա Ուաշինկթընի հետ գործակցաբար կը պատրաստուի Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու: Բացի ատկէ, Էրտողան յայտնած էր, որ Թուրքիա Սուրիոյ սպառազինութիւն մատակարարող օդանաւերուն դիմաց իր օդային տարածքը փակած է:

Եւրոպական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ սուրիական իշխանութիւնները Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը վտարելու մասին կը մտածեն, որովհետեւ սուրիացի ընդդիմադիրներու հետ անոր հանդիպումներուն շուրջ վերապահութիւններ գոյութիւն ունին: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգի համակիրներուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին դէմ կատարուած յարձակումը Ուաշինկթընը պիտի չմղէ իր դեսպանը տուն կանչելու, «եւ ան կը մնայ այդտեղ մեր ներկայացուցիչը»: «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ Դամասկոս պիտի մնայ` նշելով, որ «ան կարեւոր դեր կը կատարէ: Ան Սուրիոյ մէջ մեր աչքն ու ականջն է, որպէսզի գիտնանք, թէ ի՛նչ կը պատահի, եւ ամերիկեան պատգամները փոխանցէ սուրիացի ժողովուրդին»:

Պաշտօնատարը մերժած է սուրիական այն ամբաստանութիւնները, թէ իր երկիրը բռնարարքները կը խրախուսէ` յայտնելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ինք է, որ բռնարարքները կը խրախուսէ», երբ «ապահովական ուժերուն կ՛արտօնէ խաղաղ ընդդիմադիրները թիրախ դարձնել»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ իշխանութենէն, որպէսզի անկեղծ բարեփոխումներու կարելի ըլլայ սկսիլ: Տարբեր դասակարգերէ եւ տարբեր կրօններէ սուրիացիներ միաւորուեցան վարչակարգին կողմէ աւելի լաւ ապագայ մը վայելելու իրենց օրինական ձգտումները բռնի ուժով ճնշելու վարչակարգին փորձերուն դէմ»` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութեան բազմաթիւ խմբակները պէտք է  միանան եւ իրարու հետ գործակցին, որպէսզի Սուրիոյ ապագային հասարակաց տեսլական մը ճշդեն: Անոնց կոչ կ՛ուղղենք, որ շարունակեն երաշխաւորել, որ իրենց ցոյցերը խաղաղ պիտի ըլլան, աշխատանք պիտի տանին յարանուանականութիւնը մերժելու եւ պիտի գործակցին, որպէսզի Սուրիան ըլլայ քաղաքական համապարփակ պետութիւն մը, որ բոլորը կը ներկայացնէ եւ յանձնառու է մարդկային իրաւանց միջազգային արժեչափերուն»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES