ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՊՐԱԶԻԼԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թէ Պրազիլ 300 զինուոր հաշուող զօրամասով մը պիտի մասնակցի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ստանձնած առաքելութեան:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ եթէ աշխատավարձերու յաւելումն ու համադաշնակցութեան ներկայացուցած պահանջները չգործադրուին, ապա յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին պիտի սկսի բաց գործադուլ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի յայտնէ Դամասկոս այցելելու եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպում մը ունենալու իր փափաքը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթ մը առաջ ձերբակալած է յորդանանցի քաղաքացի մը` ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելուն պատճառով: Յորդանանցին հարցաքննուելէ ետք փոխանցուած է զինուորական ատեանին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւնը կը բխի շրջանը իր արաբականութենէն պարպելու փորձերէն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող պատասխանատու մը «Լիուա» օրաթերթին յայտնեց, որ իրենք բաւարար տեղեկութիւններ ունին Հըզպալլան ամբաստանելու նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանական աղբիւրներ նկատել տուած են, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին պետական պաշտօնեաներու նշանակում կարելի պիտի չըլլայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ փոքրամասնութեան մաս կազմող ուժեր յայտնեցին, որ  Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի քայքայուի` ներքին լիբանանեան առումով արձանագրուած նուազագոյն տագնապի մը ընթացքին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Խալտէի մէջ տեղի ունեցած է եռակողմանի հանդիպում մը, որուն մասնակցած են Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներէն երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆա: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնալիբանանի իրավիճակն ու եռակողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլա քաթարեան «Ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք մտահոգ են, որ Պաղեստինի ճանաչման միջազգային հոլովոյթը կրնայ խոչընդոտուիլ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի յայտնեց, որ Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր վեհաժողովը ողջունելի է, որովհետեւ ան կրցած է դրսեւորել լիբանանեան ազգային իսկական սկզբունքները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին հետ  ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի կոչ ուղղեց վերջ տալու լիբանանեան քաղաքական ամուլ բանավէճերուն եւ օգտագործելու Լիբանանի դիմաց ներկայացող տնտեսական բացառիկ առիթները: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան համար ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին գործադրումը առաջնահերթութիւն է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Նաքուրայի եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ` խզելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը չապահովելու պարագային, Լիբանան վտանգի պիտի ենթարկուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքը կը փորձէ քրիստոնեայ համայնքի զաւակները համախմբել հասարակ յայտարարներու շուրջ. ան աւելցուց, որ Պքերքէ քաղաքական կողմ չի նկատուիր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի` ողջունելու համար Ռուսիոյ դերակատարութիւնը եւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ անոր ի գործ դրած ջանքերը` կասեցնելու համար այն փորձերը, որոնք ի գործ կը դրուին ժողովուրդներուն դէմ ճնշում բանեցնելու առումով այդ խորհուրդը օգտագործելու առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES