ՊԸՐՐԻ ՀԱՍԱՒ ԹԵՀՐԱՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ընկերակցութեամբ լիբանանեան-իրանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի, երէկ հասաւ Թեհրան, ուր պիտի մասնակցի Պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան միջազգային Ե. խորհրդաժողովին:
Պըրրի դիմաւորուեցաւ Իրանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Պահոմարի եւ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:
Պըրրի Թեհրանի օդակայանէն շնորհակալական խօսք ուղղեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատին եւ իրանցի պատասխանատուներուն, որոնք նման կարեւոր խորհրդաժողով մը կազմակերպեցին:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ շրջանին մէջ տիրող ներկայ կացութեան` աւելցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած Պաղեստինի պետութեան ճանաչման պահանջը արդէն դարձած է հաստատ:
Պըրրի շեշտեց, որ իրեն համար ամէնէն կարեւորը պաղեստինցի ժողովուրդին միասնականութիւնն է եւ դէպի արդիւնք առաջնորդող ուղիին որդեգրումը: Ան նկատել տուաւ, որ այդ ուղին Դիմադրութեան ուղին է, յատկապէս այն պատճառով, որ խաղաղութեան հաստատման լուծումը երկարատեւ փորձարկումի ենթարկուած է եւ ապարդիւն դուրս եկած: