ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Ռայի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Ռայի պատրիարքին կողմէ Միացեալ Նահանգներ կատարուելիք հովուապետական այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Ռայի պատրիարքը նախագահական պալատէն մեկնումի պահուն մերժեց յայտարարութիւն կատարել:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ամերիկեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Տէյվիտ Տրայըրի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:

Հանդիպումին ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութիւնը հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց իր այցելութեան նպատակը, որ շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան ուղիին ստուգումն է:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց պատուիրակութիւնը` նկատել տալով, որ ժողովրդավարութեան որդեգրումով կարելի կ՛ըլլայ տարբեր պետութիւններու միջեւ վարուելակերպը դիւրացնել եւ յարաբերութիւնը փոխադարձ հաւասարութեան վրայ հիմնել:

Նախագահ Սլէյմանին այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որ նախագահին ներկայացուց նախարարութեան մշակած նոր ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Նատեր Սըքքար եւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ:

 

Share this Article
CATEGORIES