ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՇՆԱՆ ՎՐԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը «Նովոսթի-Կրուզիա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այս աշնան պիտի այցելէ Վրաստան: Դեսպանութիւնը աւելցուց, որ նախագահին այցելութեան յստակ ժամկէտներուն շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:
«Ատիկա Հայաստանի նախագահին ծրագրային այցելութիւնն է Վրաստան: Հոկտեմբերի առաջին կիսուն պիտի յստականայ նախագահին այցելութեան յստակ ժամկէտը», նշեց Վրաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւնը:
CATEGORIES Հայկական

