ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ` ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ
Յառաջիկայ 5-8 հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ տղոց պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականները:
Նմանօրինակ մրցաշարք մը տեղի ունեցած էր նախորդ տարի` Պաթումի մէջ:
Այս մրցաշարքին ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաւաքականները:
CATEGORIES Մարզական
