ԲԱԶԿԱՄԱՐՏ. ԱՇՈՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Երէկ, Միքա մարզահամալիրին մէջ աւարտեցաւ բազկամարտի Հայաստանի ախոյեանութիւնը, որ նուիրուած էր բազկամարտի Հայաստանի ֆետերասիոնի առաջին նախագահ Աշոտ Սարգսեանի յիշատակին:
Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Հայաստանի բազկամարտի ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ, բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան մրցանակակիր, մարզաշխարհի վաստակաւոր վարպետ եւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի:
Գերծանր կշիռի մրցաշարքի մրցանակակիրները անձամբ պարգեւատրեց Գագիկ Ծառուկեան: Նշենք, որ մրցաշարքի մրցանակային ընդհանուր պիւտճէն էր 12 միլիոն դրամ:
Տեղի ունեցած պարգեւատրումէն անմասն չմնաց նաեւ Գագիկ Ծառուկեան` նկատի ունենալով, որ ան Հայաստանի մէջ բազկամարտի զարգացման համար արժանացաւ յուշամետալի եւ յատուկ բաժակի մը:
Նշենք, որ փակման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցան մարմնամարզի յատուկ ցուցադրութիւններ: