ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ՆՇՈՒՄԸ ԱՒԵԼՈՐԴ ԷՐ, ԵԹԷ…
Սիրելի՛ ընթերցող, անցեալ շաբաթ բոլորեցինք քսան տարիները անպարտելի եւ անպառակտելի համարուած Խորհրդային Միութենէն 21 սեպտեմբեր 1991-ին բաժնուած Հայաստանի անկախութեան, որուն յոբելեանը տօնեցինք արժանավայել շուքով ու հանդիսաւորութեամբ:
Սակայն, անկե՛ղծ մնալու համար Քեզի հանդէպ, յայտնելու եմ անվարանօրէն, թէ այս յոբելենական օրերուն իմ իմացական ներաշխարհս շատ տխրաթախիծ էր` լեցուն իմ միտքս ցաւցնող հարցադրումներով ու իմ հոգիս մաշեցնող մտորումներով…
Օտարէն ինքզինք կ՛ազատագրէ ժողովուրդը իր զաւակներուն բարիքին համար եւ ո՛չ` ափ մը իր իշխանաւորներու, ղեկավարներու եւ որոշ խաւի մը նուաճումին ենթարկուելու եւ անոնց անյագուրդ հարստահարումին թիրախ դառնալու…
Օտարէն կ՛անկախանայ երկիրը իր բնակիչներուն ապահովելու համար մարդավայել կեանք մը եւ ո՛չ` ի՛ր ընտրած ամէնէն բարձր պաշտօնեաներէն մինչեւ ամէնէն փոքրին «ազատութիւն շնորհելու», որ լեցնեն իրենց գրպանները ապօրէն դրամով, եւ այն` ի գին իրենց հասարակութեան աղքատացումին:
Թէ տօնուելու է յոբելեան մը ու մանաւանդ այսպիսի ամեակ մը, այդ ոչ միայն հասկնալի է եւ արդարանալի, այլ նաեւ անհրաժեշտ է ու գովելի:
Ո՞վ չ՛ուրախանար իր հայրենիքին անկախութեամբ եւ ո՞վ չի հրճուիր իր ազգին ազատութեան համար: Ատանածին հօրս որդին հպարտ է իր հայութեամբ եւ աւելի հպարտ է իր սուրբգրային Երկրին անկախացումով ու բարգաւաճումով: Ա՛յսպէս եմ միշտ եւ յա՜ր:
Զիս տառապեցնողը յոբելենական տօնակատարութիւնը չէ, երբե՛ք, այլ` յոբելեանը շահագործող մակերեսայնութիւնն իշխանութիւններուն եւ ղեկավարութիւններուն… (անշուշտ, բացառութիւնները միշտ յարգելի են):
Պաշտօնական խմբապատկերներն ու լուսանկարները տեսնելէս եւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակն ու հայրենիքը մահաքունի առաջնորդող արտագաղթը մտաբերելէս ետք, իմ երակներուս հայաթոյր արիւնն եռացուց մեր անկեղծ ու համարձակախօս Աստուածային Վարդապետին այս առարկայական պատկերահանումը փարիսեցիներու եւ դպիրներու առօրեայէն` անցեալին ու ներկային մէջ:
«Դպիրները եւ փարիսեցիները նստան Մովսէսի աթոռին վրայ: … ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը բեռցնեն (մարդոց ուսերուն), բայց իրենք իրենց մատին ծայրո՛վն անգամ շարժել չեն ուզեր զանոնք:
«Մարդերուն ցուցադրելու համար կը կատարեն իրենց գործերը: Իրենց գրապանակները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ՛երկնցնեն: Պատուոյ գլխաւոր աթոռները կը սիրեն ընթրիքներու ատեն, նախապատիւ տեղերը` ժողովարաններու մէջ եւ ողջոյնները` հրապարակներու վրայ» (Մտթ. 23,1-6):
Կ՛ընդունիմ, որ վերջին քսան տարիներուն շատ բան բարեփոխուած է Հայաստանի մէջ, բայց այս զարգացումներուն դիմաց կը ծառանայ մեր հայրենիքը դարձնող հարցումին ուժաթափ եւ արիւնաքամ բովանդակութիւնը. «Ինչո՞ւ հայը կը լքէ իր օրրանը եւ կը հեռանայ իր հողէն, եթէ ամէն ինչ բարեփոխուած է ի՛ր բարօրութեան համար…»:
25 սեպտեմբեր – 10 հոկտեմբեր 1991 ժամանակաշրջանն անցուցի Հայաստանի մէջ, ուր ապրեցայ դեռ յամեցած արհաւիրքը 1988-ի երկրաշարժին, ինչպէս ալ տեսայ եւ լսեցի ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու յատկապէս մտաւորականութեան մտավախութիւնները` նկատմամբ անկախացումէն գալիք անորոշութեան եւ խեղճութեան:
Կարծես, 1991-ի խօսակիցներուս եւ անոնց հետ բիւր բիւրաւորներուն իրաւունք տալու ենք այսօր, երբ կը տեսնենք ու գիտենք հայրենաքանդ արտագաղթին բերումով համարեա իր բնակչութեան կէսը կորսնցուցած մեր Երկրին տկար ներկան, որ, Աստուած մի՛ արասցէ, կը տանի աւելի տկար ապագայի մը…
Երբ կը տեսնենք ու գիտենք Հայաստան-ասպան այս իրողութիւնը: Մէկ կողմէն փտածութիւն, անարդարութիւն, կեղեքում, քաղաքական սպանութիւն, բարձր պաշտօններու չարաշահում եւ, միւս կողմէն, իշխանաւորներու աստղային հարստութիւններու դիզում եւ ղեկավարներու դրամատնային հաշիւներու բացում…
Պատկերա-ձայնասփռուած փառատօներ, համաժողովներ, տօնահանդէսներ, համերգներ, ճառախօսութիւններ եւ ընդունելութիւններ մեր աչքերուն սրսկուած փոշիներ են միայն եւ մեր ականջներուն դարձած ժխորալուր ձայներ են լոկ, եթէ շուտով պիտի չօգտագործուին մեր հայրենի ժողովուրդին կենսամակարդակը բարելաւելու ու յատկապէս եթէ արագընթաց կերպով պիտի չկանխարգիլեն արտագաղթը մեր արդէն մարդաթափուր եղած երկիրէն:
Այո՛, եթէ այս սրբազան նպատակին պիտի չծառայեն քսանամեայ յոբելեանին տօնախմբումները, այն ատեն ոչ միայն աւելորդ էին, այլ նաեւ վնասակա՛ր էին ու կը մնան…
Յոբելեանները չվերածուին առիթներու` ո՛չ իշխանաւորներու շպարումին, կեղծ ժպիտներու ցուցադրութեան, անարձագանգ ծափերու հարումին եւ ո՛չ ալ մեր դառն իրականութեան խաթարումին ու մեր հանրութեան խաբկանքին:
Այլ` յոբելեանները դառնա՛ն եւ մնա՛ն առիթները մեր պատասխանատուներու շրջահայեաց խոկումին, ազգօգուտ անդրադարձումին, գործնական առաջադրանքին ու հայրենանպաստ իրականացումին մեր ընկերային եւ մարդկայնական կեանքը, ինչպէս ալ մեր անհատական ու հաւաքական բարօրութիւնը գոյացնող եւ արդիւնաբերող այն անյետսկոչելի ու փրկարար հրամայականին, զոր պատմութեան մարդաճանա՛չ եւ մարդասէ՛ր Տէրը կ՛արձակէ. «Բոլոր այն բաները, որոնք դո՛ւք կ՛ուզէք, որ մարդիկ ընեն ձեզի, դո՛ւք ալ ըրէք անոնց, որովհետեւ ճիշդ այդ բաները կը լրացնեն Օրէնքն ու մարգարէները» (Մտթ. 7,12):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սթոքհոլմ, 27 սեպտեմբեր 2011

