ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Շաբաթ, 1 հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ բացումը կատարուեցաւ պաղեստինեան պետութեան զօրակցութեան նուիրուած միջազգային համագումարին, որուն կը մասնակցին զանազան երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներ, վարչապետներ եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններ:

Արամ Ա. կաթողիկոս օրին Իրանի խորհրդարանի նախագահին կողմէ պաշտօնական հրաւէր ստացած էր մասնակցելու յիշեալ համագումարին: Յանուն վեհափառին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համագումարին կը մասնակցի Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի:

 

Share this Article
CATEGORIES