ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ԿԸ ՅՂԷ ՃԱՓՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ցաւակցական յատուկ հեռագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Քոյիշի Քաուաքամիի` անցեալ ուրբաթ օր Ճափոնը հարուածած ահաւոր երկրաշարժին առիթով:
Ցաւակցագիրին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Խոր ցաւով կը հետեւինք Ճափոնը հարուածած երկրաշարժի եւ այս բնական աղէտին պատճառով զոհերու արձանագրումի լուրերուն: Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեծ թիւով ճափոնցիներու մահուան ու կորուստին համար եւ կ՛աղօթենք անոնց հոգիներուն համար:
CATEGORIES Լիբանանեան